2014-12-19 12:20:56

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը` Սուրբ Պետրոսի տօնածառին եւ մսուրի նուիրատուներուն հետ` ''մսուրն ու տօնածառը լոյսի, յոյսի եւ սիրոյ պատգամ մըն են''


(Ռ.Վ. 19 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ` 19 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Սուրբ Պետրոսի տօնածառին եւ մսուրին նուիրատուներու պատուիրակութիւնները։
Անոնց ուղղած իր բարի գալուստի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց գեղեցիկ նուէրներուն համար որ պիտի արժանանան – ըսաւ Ան – համայն աշխարհէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներու հմայքին։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հաստատեց ''Քրիստոնէական արժէքները որոնք բեղմնաւորեցին ձեր քաղաքներուն մշակոյթը, գրականութիւնը, երաժշտութիւնն ու արուեստը այսօր եւս կը յատկանշուին որպէս թանկագին ժառանգութիւն մը որ պէտք է փոխանցել ապագայ սերունդին''։
Ան ապա մատնանշեց թէ ''Սուրբ ծննդեան մսուրն ու տօնածառը կը յիշատակեն մարդեղութեան խորհուրդը` Աստուծոյ Միածին Որդին որ մարդ դարձաւ մեզ փրկելու համար։ Մսուրն ու տօնածառը կը դպչին բոլորին սրտին, նոյնիսկ անհաւատներու սրտին, որովհետեւ կը խօսին եղբայրութեան, հոգեհարազատութեան եւ բարեկամութեան մասին, ժամանակակից մարդիկը հրաւիրելով բացայայտելու պարզութեան, բաժնեկցութեան եւ զօրակցութեան գեղեցկութիւնը։ Անոնք հրաւէր մըն են համերաշխութեան, միութեան եւ խաղաղութեան ու մեր կեանքէն ներս տեղ բանալու Աստուծոյ որ մեզի կը շնորհէ իր անհուն ու ամենազօր սէրը` դիւրաբեկ Մանուկի մը կերպարանքին մէջ։ Մսուրն ու տօնածառը լոյսի, յոյսի եւ սիրոյ պատգամ մըն են'' հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ու ապա բոլոր ներկաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն փոխանցեց Սուրբ Ծննդեան ամենաբարի մաղթանքները` ''Մեսիան, մարդեղացաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, փարատելու համար մեղքի խաւարը ու մարդկութեան շնորհելու Աստուածային լոյսը։ Յիսուս արդարեւ ըսած է ''ես եմ լոյսն աշխարհի, ով որ ինծի հետեւի խաւարի մէջ չի քալեր, այլ պիտի ընդունի կեանքի լոյսը''։
''Հետեւինք Յիսուսին` իսկական լոյսին, որպէսզի չկորսուինք ու մեր կարգին այդ լոյսն ու ջերմութիւնը փոխանցենք բոլոր անոնց որոնք կ՛ապրին ներքին խաւարի եւ դժուարութեան մէջ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.